«Բայց ես՝ քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին»։ (Գաղտ 6.14)

ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

ՄԵՌԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԱԿԱՐԻԱ ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԱՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾ

«ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ»

2018 թուականը Պոլսոյ Պատրիարքարանի կարեւոր պատրիարքերէն Մակարիա Օրմանեանի մահուան հարիւրամեակը կը նշուէր։ Այս առիթով պատմական նիւթերու հրատարակութեան համար ստեղծուած «Հովակիմ Հրատարակութիւններ»էն ութերորդ գիրքը եղաւ Մեռեալ Պատրիարքի «Հայ Եկեղեցի» անունով գործը։

Հեղինակի նպատակը եղած է Հայ Եկեղեցին եւ անոր զանազան կողմերը լաւ չիմացողներուն ծանօթացնել։

Այս գործը 1911 թուականին Պոլսոյ մէջ, հեղինակի սեփական թարգմանութեամբ, հայերէնով հրատարակուած էր։ Յաջորդաբար՝ 1912 եւ 1913 թուականներուն, հեղինակի սեփական սրբագրութիւններով նոր տպագրութիւններով հրատարակուած էր։ «Հայ Եկեղեցի» անունով այս գիրքը աշխարհին չորս կողմերը բազմաթիւ անգամ հայերէնով հրատարակուած է։ Նոյնպէս, անգլերէն, ռուսերէն, իսպաներէն, պորտուգալերէն եւ լեհերէն լեզուներով տարբեր քաղաքներու մէջ տպագրուած է։

Գիրքը կը կազմուի 288 էջերէ եւ իր բուն գործին կողքին այլ նիւթեր ալ կը ներառէ։ Տիակոն Վաղարշակ Սերոբեանի «Այս կարեւոր հոգեւորականին գրչէն եկեղեցիին ծանօթանալ» խորագիրով նախաբան, Մեռեալ Պատրիարքի ընդարձակ կենսագրութիւնը, լուսանկարը, այս գործին հայերէն եւ այլ լեզուներով հրատարակութիւններու ցանկը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, Աղթամարի Կաթողիկոսութիւն, Երուսաղէմի Պատրիարքութիւն եւ Պոլսոյ Պատրիարքարանին մէջ Պատրիարքներու ցանկը, գործը պատրաստելու ընթացքին գործունէութիւն ունեցող հոգեւոր առաջնորդներու ցանկը, Օրմանեանի աշակերտ՝ նոյնպէս մեռեալ Եպիսկոպոս Պապգէն Կիւլէսերեանի (վերջինիս Կիլիկիոյ Հաւասար Կաթողիկոս ըլլալէ յետոյ) գիրքին մասին գրուած յօդուած մը, անձնանուններու, տեղանուններու եւ յատուկ անուններու վերաբերեալ երեք տարբեր ցուցակներ՝ անոնցմէ քանի մը հատն են։

Այս գործը Տիակոն Վաղարշակ Սերոբեանի կողմէ պատրաստուած է հրատարակութեան համար։ Շապիկի աշխատանքը կատարած են Գրիգոր Սահակեան եւ Սարվէն Տանէ։

Սելմա Իսքենտերոզ՝ իր ծնողներու՝ Սելիմ եւ Սիրանուշ Իսքենտերի յիշատակին, ստանձնած է տպագրութեան ծախսերը։

Ցանկացողները կրնան Պատրիարքարանէն ձեռք բերել՝ գործնական ժամերուն։