Kalfayan-01

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Վարժարանին հիմնադիրն է Սրբուհի Մայրապետ Նշան-Գալֆայեան։ 1866ին հիմնուած վարժարանը մինչեւ 1900 ծառայած է որպէս որբերու պատսպարան եւ ձեռական աշխատութիւններու դպրոց։ 1900էն մինչեւ 1928 թուական իր երդիքին տակ պատսպարած է որբուհիներ՝ զանոնք խնամելով մինչեւ իրենց ամուսնութիւնը։ 1928ին գիշերօթիկ վարժարանի վերածուելով շարունակած է իր գոյութիւնը։ Հալըճըօղլուի մէջ կառուցուած վարժարանը 1971ին Վոսփորի առաջին կամուրջի շինութեան առթիւ շրջանային ճանապարհներու բացման պատճառաւ ապասեփականացուելով կը փլցուի։ Վարժարանը կը փոխադրուի Սկիւտար։

Ներկայիս վարժարանի Սկիւտարի շէնքը կը ծառայէ որպէս ննջարան՝ Գալֆայեանի աշակերտութեան։ Իսկ Գալֆայեան Վարժարանը կը գործէ Սկիւտարի Սէմէրճեան-Ճեմարան Վարժարանի շէնքին մէջ քառամեայ նախակրթութեան եւ քառամեայ միջնակարգի բաժիններով։

Հասցէ Yenidersane sok. No: 16 Pk. 34664  Bağlarbaşı  Üsküdar
Հիմնադիր Դամար Գարասու Մայողլու
Տնօրէն Դամար Նէրկիս
Հեռ . (0216) 492-9781
Ֆաքս (0216) 495-7570
Ել-նամակ info@kalfayan.k12.tr
Կայքէջ http://www.kalfayan.k12.tr