1849ին առաջին անգամ կառուցուեցաւ Յակոբ Սերովբեան Պատրիարքի օրով Կէտիկփաշայի Սարայիչի թաղամասին մէջ։ Հրդեհի հետեւանքով հրոյ ճարակ դառնալէ ետք, Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի օրով վերաշինուեցաւ 1876ին։ Աւելի վերջ, Մատթէոս Իզմիրլեան Պատրիարքի շրջանին կրկին նորոգուելով 1895ին պաշտամունքի բացուեցաւ։ Երկար տարիներ եկեղեցին անխնամ ու փլփլած մնաց, ի վերջոյ 1950ին վերանորոգուեցաւ։ 1972ին ծագած հրդեհէն վերջ, թէեւ նորոգուեցաւ, բայց հիմնական նորոգութեան ենթարկուեցաւ 1986ին եւ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ ձեռամբ Շնորհք Պատրիարքի։
Եկեղեցին վերջին անգամ նորոգութեան ենթարկուեցաւ եւ 2006ին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր։
Բակին մէջ թաղուած են եկեղեցւոյ բարերարներէն՝
Կարապետ Էսկիճեան 1877
Ալեքսան Մասեհեան 1878
Յարութիւն Գնաճեան 1895